Բանավէճերը կը շարունակեն կեդրոնացուած մնալ զէնքի միաւորման եւ օրինականացման պահանջներուն վրայ: Ուշագրաւը այն է, որ զէնքի յանձնման այս պահանջի առաջնայնութիւնը գետնի վրայ կը փոխուի: Հիմա պաղեստինեան զէնքի յանձնման կամ օրինականացման մասին կը խօսուի, ածանցեալ` պաղեստինեան գաղթակայաններու կարգավիճակի փոփոխութեան, եւ պաղեստինցի ազգաբնակչութեան ընկերային օժանդակութիւններու տրամադրումին մասին: Շատ պարզ է, որ ընկերային ծառայութիւններու տրամադրումը օտարերկրեայ օժանդակութիւններ կ՛ենթադրեն, իսկ այդ օժանդակութիւնները գործնականալու համար ունին նախապայմաններ: Այս պարագային զէնքի յանձնում, գաղթակայաններու բացում, լիբանանեան գերիշխանութեան տարածում:
Այս պայմանները կը յիշեցնեն այլ ուղղութիւն մը: Հըզպալլայի զէնքի յանձնումին դիմաց, պատերազմէն հարուածուած շրջաններու վերաշինութիւն, ժողովուրդի վերադարձի ապահովման համար գիւղերու վերականգնում եւ յարակից աջակցութիւններ: Ընկերատնտեսական օժանդակութիւններ` քաղաքական պայմաններու դիմաց:
Հարաւային Լիբանանով կ՛աւարտին երկրի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները: Յետաձգումի նախատեսութիւնները այսպիսով չեն իրականանար, եւ կառավարութեան հաստատակամութիւնը առարկայացած կ՛ըլլայ որոշուած ժամկէտները չխախտելու:
Հարաւային Լիբանանի ընտրութիւններու կայացումը կը զուգադիպի հարաւի ազատագրութեան տօնին: Հարաւ, որ տակաւին ամբողջականօրէն չէ ազատագրուած, որովհետեւ իսրայէլեան ուժերը ըստ էութեան կը շարունակեն խախտել հրադադարի համաձայնութիւնը` չյարգելով ուժերու հեռացման ժամկէտը եւ իրականացնելով ռազմական գործողութիւններ:
Ընտրութիւններու նախօրէին, իսրայէլեան ուժերը կը սաստկացնէին իրենց յարձակումները: Կը հետեւէր անմիջական մեկնաբանութիւն, որ այդ յարձակումներու սաստկացման նպատակը խանգարել էր հարաւի ընտրութիւններու կայացումը:
Մեծ թիւով ընտրաշրջաններու մէջ տեղի պիտի չունենան ընտրութիւններ, պարզապէս մրցակիցի չգոյութեան պատճառով: Մինչ Սայտայի եւ յատկապէս քրիստոնեայ գիւղերու մէջ բուռն ընտրապայքարներու մասին յայտարարութիւններ կը կատարուին եւ մրցակից ցանկեր կը ներկայացուին:
Պէյրութի համաքրիստոնէական մթնոլորտը փաստօրէն չի տարածուիր հարաւի մէջ, որ գրաւեալ շրջաններ ունի տակաւին եւ որ ամէնէն թիրախային կէտն է Իսրայէլի համար: Գուցէ քաղաքական պատճառները բազմապատկուած էին ընդհանրապէս հարաւային ընտրաշրջաններուն մէջ համախոհական եւ համաձայնական մթնոլորտով ներկայանալու ընտրութիւններուն: Մինչ յատկապէս շիի համայնքի ղեկավարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ իր ընտրազանգուածին ստուար թիւերով ուղղուելու քուէատուփեր: Այս կոչը ըստ էութեան ներլիբանանեանէն աւելի Իսրայէլին ուղղուած է, որ ժողովուրդը լիովին պատրաստ է իրականացնելու վերադարձի իր իրաւունքը եւ տէր կանգնելու իր ամբողջական տարածքներուն: Ամբողջ հարաւը չէ սակայն, որ այս ընտրութիւններուն ճամբով կ՛առաջադրէ ուղերձ ուղղել իր տարածքները բռնագրաւած ուժին դէմ:
Բանավէճերը կը շարունակեն կեդրոնացուած մնալ զէնքի միաւորման եւ օրինականացման պահանջներուն վրայ: Ուշագրաւը այն է, որ զէնքի յանձնման այս պահանջի առաջնայնութիւնը գետնի վրայ կը փոխուի: Հիմա պաղեստինեան զէնքի յանձնման կամ օրինականացման մասին կը խօսուի, ածանցեալ` պաղեստինեան գաղթակայաններու կարգավիճակի փոփոխութեան, եւ պաղեստինցի ազգաբնակչութեան ընկերային օժանդակութիւններու տրամադրումին մասին: Շատ պարզ է, որ ընկերային ծառայութիւններու տրամադրումը օտարերկրեայ օժանդակութիւններ կ՛ենթադրեն, իսկ այդ օժանդակութիւնները գործնականալու համար ունին նախապայմաններ: Այս պարագային զէնքի յանձնում, գաղթակայաններու բացում, լիբանանեան գերիշխանութեան տարածում:
Այս պայմանները կը յիշեցնեն այլ ուղղութիւն մը: Հըզպալլայի զէնքի յանձնումին դիմաց, պատերազմէն հարուածուած շրջաններու վերաշինութիւն, ժողովուրդի վերադարձի ապահովման համար գիւղերու վերականգնում եւ յարակից աջակցութիւններ: Ընկերատնտեսական օժանդակութիւններ` քաղաքական պայմաններու դիմաց:
Ազատագրութեան օրը այս տարի ամէն բանէ առաջ իսրայէլեան ուժերու ամբողջական հեռացման ուղերձը կը ներառէ իր խորհուրդին մէջ: Ընտրութիւններու համատեղումը ազատագրութեան օրուան նշումին հետ այս ուղերձին զանգուածային քուէով փոխանցման մէջ է:
Կը թուի, որ համեմատաբար այլ ընտրաշրջաններու հարաւի ժողովուրդին ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը նկատառելի պիտի ըլլայ: Նոյնիսկ յետպատերազմեան իրավիճակի կամ աւերուած շրջաններու ներկայ պայմաններուն մէջ:
«Ազդակ»