Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի շուրջ սկզբունքային հարցերու մէջ առայժմ շատ շօշափելի արդիւնքներ չկան:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագրի (2021-2026 թուականներու) 2023 թուականի կատարման ընթացքի եւ արդիւնքներու մասին զեկոյցի քննարկման:
Միրզոյեանը յիշեցուցած է, որ տարուան ընթացքին Արտաքին գործոց նախարարները եւս երկու անգամ բանակցութիւն ունեցած են Միացեալ Նահանգներու կազմակերպմամբ ու մասնակցութեամբ, երկու անգամ հանդիպած են Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարու մասնակցութեամբ:
«Պայմանագրի նախագծի որոշ յօդուածների շուրջ կարողացել ենք առաջընթաց ապահովել, բայց սկզբունքային հարցերում առայժմ շատ շօշափելի արդիւնքներ չկան: Մենք դեռ շարունակում ենք բանակցել»,-ըսած է Միրզոյեանը՝ աւելցնելով, որ խօսքը Հայաստանի համար սկզբունքային կէտերու մասին է: