image

Խաղաղութեան պայմանագրի առընթեր դրական առաջընթաց կայ. Հաճիեւ

Խաղաղութեան պայմանագրի առընթեր դրական առաջընթաց կայ. Հաճիեւ

Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան շուրջ զգալի առաջընթաց գրանցուած է, սակայն քանի մը չլուծուած խնդիր մնացած է։

Այս մասին Berliner Zeitung թերթին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը․

«Ատրպէյճանը բարեխղճօրէն կը բանակցի Հայաստանի հետ տարբեր հարթակներու վրայ՝ տարածաշրջանին մէջ երկար սպասուած խաղաղութեանը հասնելու համար: Մենք իսկապէս կը հաւատանք, որ կայ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու պատմական հնարաւորութիւն, եւ պէտք չէ բաց թողենք այս հնարաւորութիւնը:

Զգալի առաջընթաց գրանցուած է խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ, սակայն դեռ կայ քանի մը չլուծուած հարց»,-ըսած է Հաճիեւը։