Խաղաղութեան պայմանագիրն ամէն ինչ 100 տոկոսով չի լուծեր: Ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուականները, այս մասին ատրպէյճանական հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։
Անոր խօսքով, Ատրպէյճանն է խաղաղ համաձայնագրի հետ կապուած բոլոր կարեւոր նախաձեռնութիւններու հեղինակը. «Գործընթացը կախուած չէ մէկ կողմի ցանկութենէն։ Այստեղ կարեւոր է, որ երկու կողմերն ալ համապատասխան քայլեր ձեռնարկեն։ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ամբողջական վերականգնումէն ետք մենք ուշադիր կը հետեւինք Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան ուղերձներուն։ Մենք նաեւ դրական արձագանւներ կը լսենք»:
Պայրամով յայտնած է, որ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ առաջարկութիւններու հերթական փաթեթը պաշտօնական Պաքուն ստացած է Երեւանէն այս տարուան նոյեմբերի վերջը:
«Մէկ ամսուան ընթացքին մեր կողմէ մշակուած առաջարկութիւններու փաթեթը ներկայացուած է Հայաստանին։
Գործընթացը կը շարունակուի։ Կը կարծեմ՝ հանդիպումներ կը կայանան 2024 թուականին։
Մենք իրատեսօրէն ու լաւատեսօրէն կը նայինք այս հարցին։ Միաժամանակ, երբ մենք կը խօսինք խաղաղութեան պայմանագրի մասին, պէտք է հասկնանք, որ այն ամէն ինչ 100 տոկոսով չի լուծուիր»,-ըսած է Պայրամով։