Լոնտոնի մէջ իր մահկանացուն կնքած է վաստակաւոր դերասանուհի՝ Ժենիա Ներսիսեան: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի թատերական գործիչներու միութիւնը։
Ժենիա Ներսիսեան ծնած է 26 Յուլիս, 1931-ին, Երեւան: Աւարտած է Երեւանի թիւ 3 իգական դպրոցը, եւ 1953-ին, Երեւանի գեղարուեստաթատերական հիմնարկի դերասանական ֆակուլտետը: Նոյն թուականին, Հրաչեա Ղափլանեանի հրաւէրով, ընդունուած է Երեւանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոն` որպէս դերասանուհի: Ժենիա Ներսիսեան խաղացած է շուրջ 150 դեր։ 1965-ին ընտրուած է Երեւանի քաղաքային խորհուրդի պատգամաւոր։ 1995-ին Լոնտոնի Գէորգ Թահթայեան ազգային վարժարանէն ներս դասաւանդած է հայ գրականութիւն եւ գեղարուեստ եւ բեմադրած բազմաթիւ ներկայացումներ։ Տաղանդաւոր դերասանուհին այդ առթիւ արտայայտուած է․ «Ես ինձ շատ երջանիկ զգացի, քանի որ ինձ հնարաւորութիւն էր տրուում շփուելու երեխաների հետ, ճանաչել նրանց հոգին։ Ես ստուդիա եմ ունեցել, Հայաստանում շատ եմ աշխատել երիտասարդների հետ, սակայն լոնտոնահայ երեխան ուրիշ է․․․»:
Ան երեխաները ծանօթացուցած է հայ գրականութեան ու հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթին եւ թատրոնին։
Դպրոցէն ներս ան բեմադրած է Յովհ․Թումանեանի գրեթէ բոլոր հեքիաթները, «Անուշ» պոեմը, Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում», եւ այլ գործեր։ Ան բեմադրած է «Տիգրան մեծ աշխարհակալ տիրակալը», Անի մայրաքաղաքի հիմնադրման 1000 ամեակին նուիրւած «Բագրատունեաց թագաւորութեան Անի մայրաքաղաքը» բեմադրութիւնները։ Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրւած ձեռնակներու շարքին ան բեմադրած է Գ. Թահթայի «Այսպէս ապրեցանք» գիրքը: Ան բեմադրած է Յովհ․Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ» էպոսը աշակերտներու մասնակցութեամբ: Կատարած է մենաներկայացում համայնքի համար՝ Բրիտանահայ Համայնքային Խորհուրդի հովանաւորութեամբ։ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 25-րդ ամեակի առթիւ բեմադրած է Գ. Էմինի «Յաւերժի ճամբորդը» ստեղծագործութիւնը։
1996-ին անգլիական բեմին վրայ խաղացած է Մարիամի դերը «Դատավճիռ» ներկայացման մէջ, անգլերէնով եւ արժանացած մամուլի ու հասարակութեան բարձր գնահատականին։
2006-ին վերադարձած է Երեւան ու հանդէս եկած Թ. Ուիլյըմսի՝ Վենապլի «Անսպասելիօրէն անցեալ ամրան», Ա. Հաթաուէյի՝ «Սիրոյ եւ մենութեան միջեւ» ներկայացումներով։ 2008 -ին Թատերական գործիչներու միութեան բեմին վրայ հանդէս եկած է Տատիկի դերով՝ Օլպիի «Ամերիկեան երազանքին մէջ» ներկայացման մէջ։ 2009-էն խաղացած է Լիւսի Քուփըր՝ Տելմարի «Յիշէ վաղուայ օրդ» խաղացանկային ներկայացման մէջ։
2012-ին Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի «Փոքր թատրոն»-ին մէջ հանդէս եկած է «Օսքարը եւ վարդագոյն հագուստով տիկինը» մենաներկայացումով:
Ան արժանացած է բազմաթիւ մետալներու եւ պատուոգիրներու: 1976-ին արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագիտուհիի կոչման, 2011-ին՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալին, 2012-ին՝ ՀՀ «Մովսէս Խորենացի» մետալին: