Իսրայելի բանակը յայտնած է Կազայի հատուածին մէջ թիրախային գործողութիւններու եւ «Համաս»-ի մարտիկներու եւ ռազմական կառոյցներու ոչնչացման մասին: Զօրաշարժերը պիտի շարունակուին:
Իսրայելի բանակը նաեւ յայտնած է Կազայէն Իսրայէլի ուղղութեամբ յարձակումներու մասին, աւելելցնելով՝ ատոնք յաջողած են որսալ:
Կազայի հատուածի՝ Եգիպտոսի հետ սահմանին գտնուող Ռաֆահ քաղաքին մէջ, ուր 1.5 միլիոնէ աւելի փախստական կայ, պարբերաբար պայթյուններ կը լսուին: Իսրայէլ կը խոստանայ յառաջիկային ռազմական գործողութիւններ սկսիլ նաեւ այնտեղ, որ կը մտահոգէ միջազգային հանրութիւնը, ներառաեալ՝ Ուաշինկթընը: