Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի (ՑԱԽԱԼ) ներկայացուցիչ, փոխգնդապետ Փիտթեր Լերները յայտարարած է, որ Կազայի հատուածին մէջ գործողութիւններու ընդլայնումը ցամաքային գործողութեան պաշտօնական մեկնարկը չէ։ Այս մասին հաղորդած է ABC-ն:
Աւելի վաղ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի խօսնակ Տանիէլ Հակարին յայտնած էր, որ վերջին օրերուն ՑԱԽԱԼ-ը ցամաքային գործողութիւններ կ՚իրականացնէր Կազայի հատուածին մէջ, իսկ ուրբաթ երեկոյեան կտրուկ ընդլայնած է զանոնք։
«Լերները հերքած է, որ ընդլայնուած գործողութիւնները ակնկալուող պաշտօնական ցամաքային ներխուժումն են», -յայտնած է հեռուստաալիքը զինուորականի հետ զրոյցէն ետք։