image
Հրատապ լուրեր:

Կազայի հատուածին մէջ գործողութիւններու ընդլայնումը ցամաքային գործողութեան մեկնարկը չէ․ Իսրայէլի ՊԲ ներկայացուցիչ

Կազայի հատուածին մէջ գործողութիւններու ընդլայնումը ցամաքային գործողութեան մեկնարկը չէ․ Իսրայէլի ՊԲ ներկայացուցիչ

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի (ՑԱԽԱԼ) ներկայացուցիչ, փոխգնդապետ Փիտթեր Լերները յայտարարած է, որ Կազայի հատուածին մէջ գործողութիւններու ընդլայնումը ցամաքային գործողութեան պաշտօնական մեկնարկը չէ։ Այս մասին հաղորդած է ABC-ն:

Աւելի վաղ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի խօսնակ Տանիէլ Հակարին յայտնած էր, որ վերջին օրերուն ՑԱԽԱԼ-ը ցամաքային գործողութիւններ կ՚իրականացնէր Կազայի հատուածին մէջ, իսկ ուրբաթ երեկոյեան կտրուկ ընդլայնած է զանոնք։

«Լերները հերքած է, որ ընդլայնուած գործողութիւնները ակնկալուող պաշտօնական ցամաքային ներխուժումն են», -յայտնած է հեռուստաալիքը զինուորականի հետ զրոյցէն ետք։