image
Հրատապ լուրեր:

Կազայի գրոհ. Նաթանիահու յայտարարած է, որ գրոհի ժամանակը գաղտնի պիտի պահուի

Կազայի գրոհ. Նաթանիահու յայտարարած է, որ գրոհի ժամանակը գաղտնի պիտի պահուի

Իսրայէլի բանակի՝ Կազայի հատուած ցամաքային ներխուժման մեկնարկի ակնյայտ շարունակական ձգձգումէն ետք Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ազգին ուղղուած ուղերձին մէջ պնդած է, որ ցամաքային ներխուժումը պիտի իրականացուի:

Նաթանիահուն ըսած է, որ իրենց «գոյութեան համար պայքարի գագաթնակէտին են»։ Ան շեշտած է, որ կայ երկու նպատակ՝ ոչնչացնել ՀԱՄԱՍ-ը եւ վերադարձնել պատանդները, գրած է timesofisrael.com-ը: 

Իսրայէլի վարչապետի խօսքով՝ երկիրը կը պատրաստուի ցամաքային գործողութեան, սակայն չի յայտարարեր՝ երբ եւ ինչպէս:

Նաթանիահուն աւելցուցած է, որ միաձայն որոշում կայացուած է ցամաքային ներխուժման ժամկէտներու վերաբերեալ։

Ան Կազայի բնակիչներուն կոչ ըրած է անկլաւի հիւսիսային մասէն հարաւ տեղափոխովելու: