«Ներքին տուն»երու խաղերը, որն իրաւացիօրէն հիմնական բնութագրումն է Կազզայի մէջ եղածներուն, կրնան աւելի ուշ ալ երեւիլ, երբ օրինակի համար բռնկին ներքին պայքարներ մէկ կողմէ Կազզայի հիմնական ուժ ՝«Համաս»ին եւ միւս կողմէ «Իսլամական Ճիհատ»ին միջեւ, պատկերը դարձնելով աւելի ամբողջական եւ աւելի յստակ։
Իսկ մինչ այդ գաղտնիք չէ, որ այս պատերազմը, (ինչպէս նախորդ 4 պատերազմները) երբեք պիտի չկարողանան հարթել Իսրայէլ-Պաղեստինեան երկարատեւ հակամարտութեան խութ կէտերը, այլ աւելիով խորացնեն կողմերուն միջեւ առկայ վիհն ու ատելութիւնը։
Ոչ ոք։ Այո՛, ոչ ոք շահեցաւ երեք օր տեւած պատերազմէն։
Ռազմական գործողութիւններ, աւելի քան երեսուն զոհ եւ երեք հարիւր վիրաւոր ու տակաւին չենք խօսիր միլիոնաւոր տոլարներու հասնող նիւթական վնասներուն մասին։
Մինչ Իսրայէլի իշխող վերնախաւը «հպարտութեամբ» կը խօսէր, որ 5 օգոստոսին ընթացք առած ռազմական հարուածներուն «շնորհիւ» «Իսլամական ճիհատ» շարժումի երկու ազդեցիկ զօրահրամանատարներ «դուրս հանուած» են խաղէն, անդին պաղեստինցիք բացայայտօրէն «կը տօնէին» կնքուած հրադադարը զայն համարելով իրական յաղթանակ մը։
Կայ տեսակէտ, որ Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ, այս գործողութիւնը կատարելով կը հետապնդէր երկու հիմնական նպատակ։
Առաջին նպատակը այն էր, որ այս կերպ եւ յենելով ռազմական «ձեռքբերումներ»ուն վրայ, ան պիտի յաջողի իր դիրքերը ամրապնդել ու այդ կերպ ալ գալիք ընտրութիւններուն կարողանայ գրանցել փայլուն արրիւնքներ։ Կար նաեւ երկրորդ վարկած մը, ըստ որուն, այս գործողութեամբ եւ «Ճիհատ»ի կեդրոնական դեր ունեցած զօրամարտիկները վնասազերծելով, Իսրայէլ ի վերջոյ պիտի փարատէր այն ահն ու սարսափը, որ տարածուած էին երկրի ամենատարբեր քաղաքներուն մէջ անցեալ ձմրան ամիսներուն։
Յիշեցնեմ, որ այդ «համատարած» վախի մթնոլորտը հետեւանք էր այն յարձակումներուն, որոնք կը կատարուէին շնորհիւ «Իսլամական Ճիհատ»ի այն մարտիկներուն, որոնք դաշունահարումներ եւ կրակոցներ կատարելով կը սպաննէին իսրայէլեան բանակի զինուորներ, եւ յաճախ ալ քաղաքացիներ։
Իրավիճակի շրջանային պատկերին մասին արագ ակնարկ մը նետելէ առաջ , հարկ է անպայման ըսել, որ վերը նշուած երկու նպատակներն ալ դժուար թէ իրականան, որովհետեւ մինչեւ հիմա կատարուած հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ Լափիտ շատ թոյլ դիրքերու մէջ է ու չի բացառուիր ալ, որ ան յառաջիկայի ընտրութիւններուն տապալի։ Յետոյ նաեւ կայ մօտեցում, որ ինչպէս տարբեր փուլերու, այս փուլին ալ պաղեստսինեան ջոկատներուն տրուած հարուածները, եթէ ամբողջական քայքայման չեն տանիր այդ խմբաւորումները, ապա անոնք աւելիով կը սատարեն այդ ուժերու ուռճացման։
Բաց աստի, եթէ հաշուի առնենք շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր խորապատկերը, ապա անպայման պիտի նկատենք, որ եղած գործողութիւնները ուղղակիօրէն կապ ունին Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններուն հետ։
Մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներ, որ ուշի ուշով հետեւացաւ զարգացումներուն, այս պատերազմը պիտի փորձէ «ծառայեցնել» իր հեռահար նպատակներուն Իրանին դէմ որոշակի պատգամներ յղելով , կամ նոյնիսկ միաւորներ կորզելով։
Ճիշդ է, որ այդ փորձը կրնայ երեւելի դառնալ շրջան մը ետք, բայց «Իսլամական Ճիհատ»ը թիրախ դարձնելը, անոր դէմ հատու հարուածներ տալը ու գործողութեանց ծանր փուլին ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին կողմէ Իսրայէլի «մակագրուած» բացայայտ նեցուկը իրաւացի կը դարձնեն, որ գոյութիւն ունի մեծ փորձ Իրանի ազդեցութեան գօտիները նօսրացնելու եւ այդ գօտիներուն մէջ այլընտրանքային ուժերուն նոր թափ մը տալու։
Նոյն փորձը Կազզայէն առաջ տեղի ունեցաւ Իրաքի մէջ, երբ «Շիիթներու տան» մէջ Սայէտ Մուքթատա Ալ Սատըրի կողմէ «մասնակի» հրդեհի մը զարկ տրուեցաւ, որ կրնար յանգեցնել համատարած եւ մեծ հրդեհի։
Խաղի կանոնները չյարգող եւ խաղը իրմով ընող Միացեալ Նահանգներ, բնաւ չի յոգնիր ստեղծուած վիճակներու բարդութիւնէն այլ ընդհակառակը կը փորձէ եւ յենելով իր «բրակմաթիզմ»ին վրայ մէկի տեղ տաս փորձ, տասը քննութիւն, եւ տասը տարրալուծում կատարել։
«Ներքին տուն»երու խաղերը, որն իրաւացիօրէն հիմնական բնութագրումն է Կազզայի մէջ եղածներուն, կրնան աւելի ուշ ալ երեւիլ, երբ օրինակի համար բռնկին ներքին պայքարներ մէկ կողմէ Կազզայի հիմնական ուժ ՝«Համաս»ին եւ միւս կողմէ «Իսլամական Ճիհատ»ին միջեւ, պատկերը դարձնելով աւելի ամբողջական եւ աւելի յստակ։
Իսկ մինչ այդ գաղտնիք չէ, որ այս պատերազմը, (ինչպէս նախորդ 4 պատերազմները) երբեք պիտի չկարողանան հարթել Իսրայէլ-Պաղեստինեան երկարատեւ հակամարտութեան խութ կէտերը, այլ աւելիով խորացնեն կողմերուն միջեւ առկայ վիհն ու ատելութիւնը։
Սագօ Արեան