image

Նոր պատերազմէն ետք. Նոր Իրանի մը ճանապարհին...

Նոր պատերազմէն ետք. Նոր Իրանի մը ճանապարհին...

Այաթոլլայի սպաննութիւնը կարեւոր շրջադա՞րձ 

Անկասկած որ 1Մարտ 2026-էն ետք, Իրանը նոյնը պիտի չըլլայ, ինչ որ էր անկէ առաջ։ 

Իսրայէլի կողմէ ընթացք առած պատերազմը, որն արդէն կը բոլորէ իր երկրորդ օրը (հաշուի առնելով, որ Կիրակի օրն է, որ գրի կ՚առնուի այս նիւթը) շատ արագ «արդիւնքներ»ու հասաւ։ Նշեցի Իսրայէլի անունը,որպէս պատերազմի պատերազմի նախաձեռնութիւնը վերցուցած հիմնական կողմ, որովհետեւ գրոհներու առաջին ժամերուն, ոչ մէկ կերպ լրատուական միջոցները գրեցին, որ գործողութիւնը Ամերիկ-Իսրայէլեան միացեալ գործողութիւն մըն է եւ այդ մօտեցումը եւս ունէր իր համոզիչ պատճառները։ 

 Իսկ ի՞նչ պատճառներով է, որ այս պատերազմը պիտի դառնայ նոր դարձակէտ մը Իրանին համար, ապա այդ մօտեցման հիմնական պատճառը Իսրայէլի ձեռամբ եւ ամերիկեան յատուկ ծառայութիւններու նեցուկով եւ աջակցութեամբ իրականացուած «յատուկ գործողութիւն»ն էր, որուն հետեւանքով (եւ հաւանաբար առաջին տարերային հարուածով) կը զոհուէր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդը՝ Այաթոլլա Ալի Հոսայնի Խամէնիին։

Որպէս կերպար, որպէս ներկայութիւն, ու մանաւանդ, որպէս երկրի «իրական» առաջնորդ Խամէնիին անփոխարինելի էր։ Ու հաւանաբար այդ անփոխարինելիութեան հետեւանքով էր, որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին (Խամէնիի 87 տարեկան էր ծնած`1939-ին Մաշհատ քաղաքին մէջ) եւ ունեցած հիւանդութիւններուն Խամէնիի մինչեւ իր ողբերգական սպանութիւնը շարունակեց մնալ պաշտօնի վրայ ու մեծ պրիսմակով մը կառավարել երկիրն ու քաղաքական կեանքը։ 

Մօտեցումը, որ Այաթոլլայի սպանութիւնէն ետք մենք ականատես պիտի ըլլանք բոլորովին նոր կարգավիճակի մը՝ Իրանի մէջ, անպայման չի նշանակեր, որ շուրջ յիսուն տարուան կենսագրութիւն ունեցող Շիիթ հանրապետութիւնը, որ հիմնադրուեցաւ այլ ազդեցիկ հոգեւոր առաջնորդի մը՝ Ռուհ Ուլլահ Մուսաուի Խումայնիին կողմէ 1979-ին ամբողջապէս պիտի տապալի։

Ի հարկէ Իրանի ու մեծ հաշուով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող այս պատերազմին առընթեր շատ են ու տարաբնոյթ եղած վերլուծումները։ Այդ առումով ալ շատ ծանր բեռ ու պարտականութիւն է իւրաքանչիւր գրողի-լրագրողի համար «յստակ» կանխատեսումներ կամ ճիշդ վերլուծումներ կատարելը։ Կը գրուին հարիւրաւոր նիւթեր, կը լսուին տարատեսակ ելոյթներ, կը հնչեն սպառնալիքներ ու փոխադարձ սպառնալիքներ, սակայն ամենակարեւոր խօսքը գետնի վրայ տեղի ունեցող եւ տակաւին տեղի ունենալիք զարգացումներն են։

Այլ մօտեցումով վերջին խօսքը կը պատկանի գետնի վրայ ընթացող դէպքերուն, որոնց ամէնէն տարերայինը ցարդ Խամէնիի սպանութեան շրջադարձային դէպքն էր։

 

ԱՄՆ-ի իրական նպատակները 

Եթէ ճիշդ դիտարկենք եւ պահ մը մօտիկ անցեալին վերադառնանք, ապա մեզմէ շատերուն համար պարզորոշ կերպով երեւելի կը դառնայ, որ Արեւմուտքին ու յատկապէս «խաղի տէր»ը հանդիսացող Միացեալ Նահանգներուն համար, ամիսներէ ի վեր արդէն յստակ որոշում մը կար, որ Իրանի հետ այդքան «ծամծմուած», երկարձգուած եւ տարբեր առիթներով ալ յետաձգուած բանակցութիւնները «պէտք է» տապալին։

Անոնք, որ այդ բոլորին ականատես դարձան, դիտարկեցին եղած բանակցութիւնները, կողմերու (ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ), ու նաեւ կարդացին ու վերլուծեցին այդ բանակցութիւններու դադարի պահերուն հնչած յայտարարութիւնները լաւապէս հասկցած էին, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակարգին համար բանակցութիւնները վիժեցնելը շատ աւելի կարեւոր է, քան որեւէ գործարքի մը կնքումը։ Ու իրաւամբ ԱՄՆ Իրանի դիմաց դրաւ այնպիսի պայմաններ, որոնք ոչ մէկ կերպ պիտի ընդունուէին Իրանի պահպանողական թեւին կողմէ, որ մինչեւ հիմա ալ կը շարունակէ կառավարել այդ երկիրը։ Այդ հարցն անշուշտ Իրանի հեռահար (Պալիսթեան) հրթիռներու թղթածրարն էր, որ բոլոր առումներով ալ «Կարմիր գիծ» էր իրանցիներուն համար։ Այսքանը ընկալելէ ետք յստակ էր անշուշտ, որ ԱՄՆ այդ կարծր կեցուածքին դիմելով պիտի ուզէր «մէկ քարով երկու թռչուն» զառնել։ Հետեւաբար այդ «կարծրութիւն»էն ետք ԱՄՆ արդէն ունէր երկրորդ հիմնարար ծրագիր մը, որ պատերազմի ծրագիրն էր։ Այսօր արդէն իրականութիւն դարձած «պատերազմ- ծրագրով» Միացեալ Նահանգներ նախ պիտի «հանգստացնէր» Իսրայէլը (այս առումով կան նաեւ երկրորդական, բայց նոյնքան կարեւոր հիմնահարցեր) ու ապա վերջնականապէս պիտի փակէր Իրանի «Աթոմական երկիր» դառնալու բոլոր մակարդակի մտադրութիւնները։ 

Այստեղ չպէտք է մոռնալ կարեւոր հանգամանք մը եւս, որ պայմանաւորուած է անցեալ տարուան Յունիսին տեղի ունեցած 12-օրեայ պատերազմը, երբ Միացեալ Նահանգներ «միացաւ» իսրայէլեան յատուկ գործողութեան ու ծանրագոյն հարուածներ տուաւ «իրանեան ուրան»ի հարստացման ամենակարեւոր կայաններուն։

Այդ օրերուն ԱՄՆ-ի նախագահը առանց վարանելու կը յայտարարէր, որ իրենց համար «Առիւծի բաժին»ը Իրանի կորիզային կարողականութիւնը կամ ուրանը հարստացնելու մէքանիզմները ոչնչացնելն էր, ու ոչ մէկ կողմ (Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուէն բացի) կը խօսէր Իրանի մէջ իշխանափոխութիւն իրականացնելու կարեւորութեան մասին։
Այսօր այս բոլորը մեր ետին են, ու յստակ է անշուշտ, որ Իրանի մէջ անցնող ամիսներուն եղած ներքին խլրտումներու ընդհանուր ֆոնին ներքոյ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ «հասկցած են», որ Իրանը «ներս»էն փոխելու բոլոր տեսակի ընտրանքները պիտի չյաջողին ու այդ էր հիմնական պատճառը անշուշտ, որ բանակցութիւնները տապալման օրակարգը աւելիով կը զօրանար ու ճանապարհ կը հարթէր այս նոր պատերազմին, որուն վերջնական արդիւնքներուն, կամ նոյնիսկ ընդհանուր ընթացքին մասին շատ դժուար է յստակ կանխատեսումներ կատարել։

 

Կարեւորագոյնը՝ Իրանի «ներքին» արձագանգն է 

Անշուշտ հարկ է դիտարկել Իրանի մէջ- Իրանի ներսը տեղի ունենալիք զարգացումներուն կարեւորութիւնը։ 

Իրանը ի վերջոյ պիտի կարողանա՞յ ճիշդ ընտրութիւն մը կատարել, ու ճիշդ կշռել իր ունեցած քարերը ու անոնց վրայ յենելով առնել ճիշդ ու տեղին որոշումներ։ 

Այաթոլլան այլեւս չկայ, ու շատ հաւանական է, որ ներկայ փուլին Իրանը անկարող է ունենալ անոր ազդեցութիւնը ունեցող կեդրոնական դէմք մը։ Ճիշդ է, որ երկիրներու եւ Իրանի նման համակարգ ունեցող երկրի մը պարագային չկան անփոխարինելի առաջնորդներ, բայց եւ այնպէս այդ մեկնակէտը կամ տեսութիւնը աշխատող չէ բազում առոումներով մեծ մարտահրաւէրներ դիմագրաւող Շիիթ տէրութեան համար։ 

Անշուշտ կան առաջին նախանշաններ, որ Իրանը ընտրած է «վատ ճանապարհ»ը. ցարդ Թեհրանէն ստացուած լուրերը (քաղաքական, կրօնական կամ նոյնիսկ ռազմական գործիչներու «փոխարինման» առումով) կը մատնեն, որ Իրանը վճռական է իր «պայքար»ին մէջ... ու ատոր դիմաց մենք կրնանք տեսնել դաշնակից երկեակի ու մանաւանդ ԱՄՆ -ի աւելի ծանր եւ կործանարար հակազդեցութիւնները։ 

Այստեղ օրինակ մը տալով նշեմ, որ Արաբական Ծոցի երկիրներուն դէմ Իրանի առած քայլերն ու տուած հարուածները Իրանին ոչ մէկ օգուտ կրնան տալ։ Աւելին այդ սխալները տեղ մըն ալ պիտի մերկացնեն եւ ի չիք դարձնեն այն «մեծ սպառնալիքներ»ը, որոնց մասին վերջին շաբաթներուն յայտարարութիւն կատարեց նոյնիսկ սպաննուած Այաթոլլան։ 

Կան վերլուծութիւններ տակաւին, որոնք կը խօսին Իրանի ուժերու կշիռին մասին ցարդ եղած գնահատականներու սխալ եւ ուռճացուած ըլլալուն մասին, որովհետեւ Քուէյթի նորակերտ օդակայանը հարուածելու կամ Տուպայի մէկ շքեղ պանդոկը հրոյ ճարակ դարձնելու «քաջութիւն»ը, ոչ մէկ կերպ կրնան ամրագրել Իրանի արդէն իսկ «յոգնատանջ» եղած վարչակարգին դիրքերը։

Եզրակացութիւնը եւ վերջին խօսքը կը պատկանին իրանցի ժողովուրդին, որ մեծ անցեալ ունեցող ժողովուրդ է եւ կրնայ իսկապէս հունաւորել Իրանի գալիք շրջանի նոր մօտեցումները, որոնք կրնան դարձեալ ոտքի հանել այդ մեծ ներուժ ունեցող, բայց ցաւալիօրէն վիրաւոր եւ թուլացած երկիրը։

 

Սագօ Արեան 
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...