image

Կայացած է Փութին-Էրտողան հեռախօսազրոյց

Կայացած է Փութին-Էրտողան հեռախօսազրոյց

 

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։ Քրեմլը կը հաղորդէ, որ երկու կողմերն ալ ընդգծած են տարբեր ոլորտներու մէջ ռուս-թրքական փոխշահաւէտ կապերը աւելի ընդլայնելու իրենց դիրքորոշումը: Առաջնահերթութիւններու շարքին են ուժանիւթի ոլորտին մէջ խոշոր համատեղ նախագիծերու իրականացումը:
 Քննարկուած են «Քորոնա» ժահրային վարակի դէմ պայքարի ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը մեծցնելու, այդ շարքին՝ ռուսական պատուաստանիւթերու մատակարարումներու եւ Թուրքիոյ մէջ անոնց արտադրութեան հեռանկարները։

Քրեմլը կը հաղորդէ, որ կողմերը քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը։

«Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի քննարկումը շարունակուած է Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու՝ 2020 թ. 9 նոյեմբերի եւ 2021 թ. 11 յունուարի յայտարարութիւններուն մէջ արձանագրուած համաձայնութիւններու կատարման ծիրէն ներս: Նկատի առնուած է Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ գործողութիւններու համակարգումը` ի շահ տարածաշրջանի ընկերային-տնտեսական զարգացման: Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են հրադադարի ռեժիմի վերահսկման ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի աշխատանքներու մեկնարկի կապակցութեամբ»,- գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Փութինն ու Էրտողանը անդրադարձ կատարած են նաեւ սուրիական կարգաւորման թեմային: Իտլիպ նահանգի մէջ իրավիճակը կայունացնելու Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ ջանքերու լոյսի ներքոյ հաստատուած է փոխադարձ նուիրուածութիւնը Սուրիոյ մէջ հաստատուած միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ անզիջում պայքարին: Կողմերը մտադրութիւն յայտնած են հետագայ աջակցութիւն ցուցաբերել միջսուրիական քաղաքական գործընթացին, այդ շարքին՝ Աստանայի ձեւաչափի շրջագիծէն ներս:

Բացի անկէ, Վլատիմիր Փութինը եւ Էրտողանը նշած են ՄԱԿ-ի օժանդակութեամբ Լիպիոյ մէջ անցումային իշխանութեան մարմիններու ձեւաւորման կարեւորութիւնը երկրին մէջ երկարաժամկէտ կարգաւորում ապահովելու համար:

Քրեմլը նաեւ հաղորդած է, որ ՌԴ նախագահն իր թուրք գործընկերոջ ցաւակցութիւն յայտնած է Իրաքի մէջ Թուրքիոյ 13 քաղաքացիներու ողբերգական մահուան կապակցութեամբ։