image

Կարող դիւանագէտը նշանակուեցաւ Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան

Կարող դիւանագէտը նշանակուեցաւ  Ռուսիոյ  մէջ Սուրիոյ դեսպան

 Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Տօքթ. Պաշշար Ալ Ասատ այսօր հրամանագիր մը ստորեգրելով Պաշշար Ճաաֆարին նշանակեց Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպանի պաշտօնին։ 

Այս մասին «Արեւելք» կարդաց «Ալ Մայատին» կայանէն։

 

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Ճաաֆարի  այցելելով նախագահական պալատ դեսպանական երթում կատարած է եւ տեսակցած երկրի նախագահին հետ։ Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Սուրիոյ պատերազմի ամենանայ ծանր փուլերուն Պաշշար Ճաաֆարի ըլլալով  ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ ներկայացուցիչ   (Նշենք, որ Ճաաֆարի  այդ  պաշտօնը կը վարէր   2006 թուականէն մինչեւ   2020 թուականը) կարողացաւ լաւագոյնս պաշտպանել Սուրիոյ պետութեան շահերը, ինչպէս նաեւ ի չիք դարձնել բոլոր մեղադրանքները այն մասին, որ Սուրիոյ բանակը պատերազմի տարբեր փուլերուն քիմիական զէնք օգտագործած է խախտելով միջազգայնօրէն ընդունուած բոլոր բանաձեւերը եւ կանոնները։