ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Յարգելի՛ սգակիր Միութենականներ,
Կարծէք բաւարար չըլլային սուրիահայութեան տաս եւ աւելի տարիներու վրայ երկարող դժբախտութիւնները, բնութիւնն ալ սարսափելի երկրաշարժի մը ճանապարհով հարուած մը եւս հասցուց կիսաւեր Հալէպի հայ համայնքին:
Խորապէս կը ցաւինք երկրաշարժին պատճառած մարդկային եւ նիւթական կորուստներուն համար:
Առաւել եւս կը ցաւինք ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ական Ալպեր Թենեքճեանի եւ անոր մօր՝ Միրնա Մինասեան- Թենեքճեանի կորուստով:
Աստուած պահպանէ մեր բոլոր հայրենակիցները պատերազմին եւ երկրաշարժին գործած աղէտներէն:
Այս տխուր առիթով, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը համայն ՀԵԸ-ականներու անունով խորազգած ցաւակցութիւն կը յայտնէ Թենեքճեան ընտանիքի ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ Սուրիոյ մէջ գործող բոլոր ՀԵԸ-ականներուն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Խոր վշտակցութեամբ՝
ՀԵԸ-Ի Կեդրոնական Վարչութիւն
Պէյրութ, 6 Փետրուար 2023