Կառավարութիւնը պիտի քննարկէ ՀՀ-ի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան կարգավիճակի մասին համաձայնագիրը վաւերացնելու հարցը։ Հարցն ընդգրկուած է ՀՀ կառավարութեան յունուար 25-ի նիստի օրակարգին մէջ։
Նախագիծը մշակուած է «Միջազգային պայմանագրերու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 12-րդ յօդուածի 1-ին մասի դրոյթներուն համապատասխան 2023թ. նոյեմբեր 20-ին ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական միութեան միջեւ Հայաստանում Եւրոպական միութեան առաքելութեան (ՀԵՄԱ) կարգավիճակի մասին» համաձայնագրի վաւերացումն ապահովելու նպատակով: Այն մշակուած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։
«Առաջարկուող իրաւական ակտով նախատեսւում է վաւերացնել 2023 թուականի նոյեմբերի 20-ին ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական միութեան միջեւ Հայաստանում Եւրոպական միութեան առաքելութեան կարգավիճակի մասին» համաձայնագիրը»,-նշուած է նախագիծին մէջ։
Նշուած է նաեւ, որ Նախագիծի ընդունման շնորհիւ պիտի ապահովուին 2023-ի նոյեմբեր 20-ին ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական միութեան միջեւ Հայաստանում Եւրոպական միութեան առաքելութեան (ՀԵՄԱ) կարգավիճակի մասին» համաձայնագրի ուժի մէջ մտնելու համար նախատեսուած ընթացակարգերը:
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան կարգավիճակի մասին համաձայնագիրը ստորագրուած է 2023 թուականի նոյեմբերին։ Համաձայնագիրը հայկական կողմէն ստորագրած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պարոյր Յովհաննիսեանը, Եւրոպական Միութեան կողմէ՝ ՀՀ-ի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոսը։ Դեսպան Մարակոսը յայտարարած էր, որ կարգավիճակի վերաբերեալ համաձայնագիրը հիմնական իրաւական հարցեր կը կարգաւորէ։