image

Կապանի օդակայանին մէջ շուրջ 30 տարի դադարէ ետք օդանաւ մը վայրէջք կատարեց (լուսանկարներ)

Կապանի օդակայանին մէջ շուրջ 30 տարի դադարէ  ետք օդանաւ մը վայրէջք կատարեց (լուսանկարներ)

Այսօր՝ ապրիլ 26-ին, Կապանի «Սիւնիք» օդակայանին մէջ Երեւանի ժամանակով 10:58 բարեյաջող վայրէջք կատարած է L-410–UVP E20 չեխական արտադրութեան մարդատար օդանաւը, որ նախատեսուած է 19 ուղեւորի համար: Այն գրանցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Թռիչքը կրած էր փորձնական բնոյթ:

Ինչպէս յայտնած են Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէէն, օդանաւը «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն օդ բարձրացած է ժամը 10:10-ին:

Կապանի օդակայանը վերանորոգուած է միջազգային չափանիշներու համաձայն եւ Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի կողմէ վաւերացուած է 2020 թուականին:

Այս թռիչքը պատմական էր, քանի որ 90-ականներէն Կապանի օդակայանին մէջ թռիչքներ չեն իրականացուծա՝ բացառութեամբ 2017 թուականին մէկ մասնաւոր թռիչքի: