image

Կ՚երազէր օդաչու դառնալ. Սահմանային կրակոցին նահատակուած Արամը տան միակ երիտասարդն էր

Կ՚երազէր  օդաչու դառնալ. Սահմանային կրակոցին նահատակուած Արամը տան միակ երիտասարդն էր

Գեղարքունիքի մարզի Կութի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու անձնակազմի համար սնունդ տեղափոխելու ժամանակ 2 հոկտեմբերին ատրպէյճանական զինուած ուժերու կրակի հետեւանքով զոհուած 19-ամեայ Արամ Քոչարեանը Երեւանէն էր։

Զոհուած զինծառայողի մտերիմները NEWS.am-ին պատմած են, որ Արամը տան միակ տղան էր, ունէր մէկ քոյր։

Արամի ընտանիքը կ'ապրի Կոմիտաս թաղամասը։ 21-ամեայ Արամը կ'ուսանէր Սլավոնական համալսարանի՝ «Կառավարում» բաժինը։ Ան բանակ զօրակոչուած է 2023 թուականի 9 յունուարին։

«Երազում էր օդաչու դառնալ։ Արամը խելացի էր, կատակասէր, ընկերասէր ու շա՜տ բարի», -ըսած է Արամի մտերիմը։

Աւելի վաղ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ 2 հոկտեմբերին սնունդ տեղափոխող մեքենայի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի ԶՈՒ կրակի հետեւանքով հայկական կողմն ունի 1 զոհ եւ 2 վիրաւոր: