image

Ջերմաստիճանը կրկին պիտի նուազի. շրջաններու զգալի մասին մէջ կը պասուին անձրեւ եւ ամպրոպ

Ջերմաստիճանը կրկին պիտի նուազի. շրջաններու զգալի մասին մէջ կը պասուին անձրեւ եւ ամպրոպ

Երեւան քաղաքի մէջ յուլիս 19-ին երեկոյեան ժամերուն, 20-ին, 21-ի գիշերը ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուին անձրեւ եւ ամպրոպ, քաղաքի առանձին հատուածներու մէջ՝ յորդառատ։ Յուլիս 21-ի ցերեկը, 22-23-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Յուլիս 24-ին երեկոյեան ժամերուն քաղաքի առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր են կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ: Ամպրոպի ժամանակ եւ երեկոյեան կը սպասուի քամիի ուժգնացում`18-23 մ/վ արագութեամբ։

Հանրապետութեան տարածքին մէջ յուլիս 19-ի ցերեկը, 20-ին, 21-ի գիշերը ժամանակ առ ժամանակ շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուին անձրեւ եւ ամպրոպ, 19-ի ցերեկը, 20-ին, 21-ի գիշերը առանձին հատուածներու մէջ՝ յորդառատ, հնարաւոր է կարկուտ: Յուլիս 21-ի ցերեկը, 22-24-ին կէսօրէ ետք առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուին կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։

Օդի ջերմաստիճանը յուլիս 19-20-ին ցերեկային ժամերուն պիտի նուազի եւս 2-3 աստիճանով: