Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է Իսթանպուլի «պահուստային» քաղաքներ կառուցելու մասին։
Անոր խօսքով՝ թրքական իշխանութիւնները կը նախատեսեն այդ քաղաքները կառուցել ոստան (մեկապոլիս) եւրոպական եւ ասիական հատուածներուն մէջ, որոնց բնակչութիւնը կը կազմէ 1 միլիոն:
«Մենք Իսթանպուլի մէջ պիտի ստեղծենք երկու առանձին քաղաք՝ ընդհանուր 1 միլիոն բնակչութեամբ։ Ատոնք պիտի կառուցուին երկու ծայրամասերու մէջ՝ պահուստային քաղաքներու մոտելով»,-ըսած է Էրտողան եւ նշած, որ ծրագրի իրականացման համար անհրաժեշտ է 130 միլիոն քառակուսի մեթր հողատարածք։
Նախագահը պարզաբանած է, որ իշխանութիւնները կը նախատեսեն Իսթանպուլի կեդրոնին մէջ գտնուող երկրաշարժավտանգ շրջաններու բնակիչները վերաբնակեցնել «երկրաշարժերու ցած վտանգաւորութեամբ ծայրամասերու մէջ»:
Էրտողան ըսած է, որ կը նախատեսուի «պահուստային» քաղաքներ ստեղծել նաեւ երկրի երկրաշարժային վտանգաւոր այլ շրջաններու մէջ։