image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ սովամահութեան միջոցով ցեղասպանութիւն տեղի կ'ունենայ․ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ

Արցախի մէջ սովամահութեան միջոցով ցեղասպանութիւն տեղի կ'ունենայ․ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ

Միջազգային իրաւունքի առաջատար մասնագէտ, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն հրապարակած է Արցախի վերաբերեալ իր զեկոյցը, որ ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ․

«Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, որ կը խոչընդոտէ որեւէ սննդամթերքի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ պարագաներու մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ, 2022 թուականի դեկտեմբերէն կը լուսաբանուի լրատուամիջոցներու կողմէ եւ կը քննարկուի քաղաքական առաջնորդներու շրջածիրէն ներս:

Իմ ներդրումն այն է, որ բացատրեմ, թէ ինչու այդ պէտք է համարել ցեղասպանութիւն Լեռնային Ղարաբաղի էթնիք հայերու դէմ Ցեղասպանութեան մասին համաձայնագրի 2-րդ (գ) յօդուածի համաձայն․ «Խումբի համար կանխամտածուած այնպիսի կենսապայմաններու ստեղծում, որոնք նախատեսուած են անոր ֆիզիքական ոչնչացման համար»:

Այստեղ դիակիզարաններ չկան, թուրերով յարձակումներ ալ չկան։ Սովը ցեղասպանութեան անտեսանելի զէնքն է։ Առանց անյապաղ արմատական փոփոխութիւններու՝ հայերու այս խումբը կ'ոչնչանայ մի քանի շաբաթէն։

Շատ առումներով Լեռնային Ղարաբաղի էթնիք հայերը սովի մատնելը Ցեղասպանութեան նախատիպ է՝ խումբի ոչնչացմանն ուղղուած կենսապայմաններու պարտադրման միջոցով: Սա կը փակէ ողբերգական շրջանը, քանի որ «1915 թուականին թուրք կառավարիչներու կողմէ հայերու նկատմամբ վերաբերմունքը յարացոյցը կ'ապահովէ ցեղասպանութեան դրոյթի համար, որ կը վերաբերի կեանքի պայմաններու պարտադրման»:

Որպէս այս ոլորտի մէջ որոշակի փորձ ունեցող անձ՝ ինծի համար պատիւ եղած է իմ ներդրումն ունենալ՝ տրամադրելով անաչառ զեկոյց, եւ ես պատրաստ եմ օգնելու որեւէ կողմի, որ կը ձգտի կանխել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու ոչնչացումը»,- նշած է միջազգային իրաւունքի մասնագէտը։

Աւելի վաղ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը նամակով դիմած էր Լուիս Մորենօ Օքամփոյին՝ խնդրելով փորձագիտական կարծիք յայտնել, թէ արդեօք Արցախի մէջ խորացող շրջափակումը կը համապատասխանէ ցեղասպանութեան յանցագործութեան: