image

Իսթանպուլի Համալսարանի ուսանողներ այցելեցին Պոլսոյ Պատրիարքարան

Իսթանպուլի Համալսարանի ուսանողներ այցելեցին Պոլսոյ Պատրիարքարան

Օրերս, Իսթանպուլի Համալսարանի Պատմական Գիտութեան բաժնի դասախօսներէն Ռամազան Էրհան Կիւլլիւի առաջնորդութեամբ նոյն բաժնի աշակերտներու խումբը այցելած է Պատրիարքարան եւ ընդունուած Սահակ Բ. Պատրիարքի կողմէ։ 

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայՊոլսոյ  «Նոր Մարմարա»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝

Իսթանպուլի Համալսարանի Գրական Ֆաքիւլթէի Պատմական Գիտութեան Բաժնի դասախօսներէն Ռամազան Էրհան Կիւլլիւի առաջնորդութեամբ նոյն բաժնի աշակերտներու խումբը այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի կողմէ։ Քսան հոգիէ բաղկացեալ խումբին ընդունելութիւնը կայացաւ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ, շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ խօսեցաւ ներկաներուն, անոնց փոխանցելով Թուրքիոյ Հայ համայնքի մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ։ Ներկաներ հետաքրքրութեամբ հետեւած ունկնդրութեան աւարտին նաեւ իրենց հարցումներուն ստացան լրացուցիչ պատասխաններ։

Խումբի առաջնորդ Ռամազան Էրհան Կիւլլիւ եւ ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան ընդունելութեան եւ մանաւանդ դասախօսութեան բնոյթով իր փոխանցած տեղեկութեանց համար։