image

Իսրայէլը պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Թուրքիոյ

Իսրայէլը պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Թուրքիոյ

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհըն երեքշաբթի առաւօտեան պաշտօնական այցով ժամանած է Թուրքիա, ուր պիտի հանդիպի նախագահ Էրտողանի հետ, յայտնած է IsraelInfo-ն։

Ան հանդիպած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ, իսկ աւելի ուշ կը սպասուի նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ հանդիպումը։ Բացի այդ, ան պիտի այցելէ դաշտային հիւանդանոց, որ ստեղծուած է Իսրայէլի կողմէ երկրաշարժէն տուժած տարածքին մէջ:

Իր գործընկեր Էլի Քոհընի հետ համատեղ ասուլիսին ան ըսած է. «Ես ցաւակցութիւն յայտնեցի Իսրայէլի կառավարութեան եւ Իսրայէլի ժողովուրդի անունէն: Իսրայէլը պիտի շարունակէ օգնել Թուրքիոյ փրկարարական աշխատանքներուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրէ»։

Մինչ այժմ Իսրայէլը Թուրքիոյ տրամադրած է աւելի քան 60 թոն մարդասիրական օգնութիւն։ Այն կը ներառէ ձմեռային հագուստ, բժշկական սարքաւորումներ եւ դեղամիջոցներ: Իսրայէլեան փրկարարական առաքելութիւնը փլատակներէն ողջ դուրս բերած է 19 մարդ, եւ մինչ օրս մօտ 400 մարդ կը բուժուի հիւանդանոցին մէջ, որ ստեղծուած է տեղւոյն մէջ՝ Թիկունքի հրամանատարութեան եւ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ:

Վերջին տուեալներով Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժէն աւելի քան 30 հազար մարդ մահացած է, հարիւր հազարաւոր մարդիկ մնացած են անօթեւան։