Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահարը հրահանգած է մօտաւորապէս 595 000 տոլարի մարդասիրական օգնութիւն ուղարկել Սուրիոյ հարաւային Սուէյտա նահանգի տուրզիներուն։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ X հարթակին վրայ կատարուած յայտարարութեան մէջ։
«Սուէյտայի մէջ տուրզիներուն դէմ վերջին յարձակումներուն եւ տեղւոյն վրայ ստեղծուած լուրջ մարդասիրական ճգնաժամի լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունեցող կարիքներուն համապատասխան, արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահարը հրահանգած է անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկել Սուէյտայի տուրզիներուն»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Օգնութեան փաթեթին ընդհանուր արժէքը պիտի կազմէ 2 միլիոն շեքել (594 800 տոլար՝ ներկայ փոխարժէքով)։ Անոր մէջ մասնաւորապէս պիտի ներառուին՝ սննդամթերքի փաթեթներ, բժշկական սարքաւորումներ, շտապ օգնութեան պարագաներ եւ դեղորայք։ Գումարը պիտի տրամադրուի Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան պիւտճէէն։
«Օգնութիւնը պիտի տրամադրուի նախարարութեան պիւտճէէն եւ ուղղակիօրէն պիտի փոխանցուի Սուէյտայի շրջանի այն տուրզաբնակ գիւղերուն, որոնք անմիջականօրէն տուժած են տուրզիներուն դէմ տեղի ունեցած բռնի յարձակումներէն։ Այս օգնութիւնը կը միանայ այն նախորդ փաթեթին, զոր Արտաքին գործոց նախարարութիւնը փոխանցած էր Սուրիոյ մէջ գտնուող տուրզիներուն՝ անցեալ Մարտին»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։