image

Իսրայէլն ու «Համաս»-ը 60-օրեայ հրադադարի համաձայնութիւն ձեռք բերած են

Իսրայէլն ու «Համաս»-ը 60-օրեայ հրադադարի համաձայնութիւն ձեռք բերած են

Իսրայէլը եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժումը համաձայնած են 60-օրեայ հրադադար հաստատել Կազայի հատուածին մէջ, այս մասին հաղորդած է Al Arabiya-ն՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։

Կը յայտնուի, որ Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնացը արդէն տեղեկացուած է հրադադարի շուրջ կողմերու ձեռք բերած համաձայնութեան մասին։

Սպիտակ Տունը հաստատած է, որ Իսրայէլը համաձայնած է Կազայի մէջ 60-օրեայ հրադադարի հաստատման։ 

Ինչպէս հաղորդած է The Times of Israel-ը, Իսրայէլի եւ պաղեստինեան «Համաս»-ի միջեւ ԱՄՆ-ի նոր ծրագիրը Կազայի հատուածին մէջ իրավիճակի կարգաւորման համար կը նախատեսէ Կազայէն 10 պատանդներու ազատ արձակում, ինչպէս նաեւ 18 դիերու վերադարձ հայրենիք՝ 60-օրեայ հրադադարի դիմաց։

Ծրագիրը կը նախատեսէ նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ անկլաւի բնակիչներուն մարդասիրական օգնութեան վերսկսում։ Ըստ թերթին՝ փաստաթուղթը չի պարունակեր Իսրայէլի կողմէ «պատերազմը դադրեցնելու» խոստումներ։