Իսրայէլի բանտերու վարչութիւնը ստացած է 42 պաղեստինցի բանտարկեալի անուններով ցուցակ, որոնք պէտք է շաբաթ՝ նոյեմբեր 25-ին, ազատ արձակուին ՀԱՄԱՍ-ի հետ համաձայնագրի շրջանածիրէն ներս։ Ինչպէս հաղորդած է Kan ռատիոկայանը, վարչութիւնն արդէն սկսած է անոնց ազատ արձակման նախապատրաստական աշխատանքները։
Աղբիւրը կը հաղորդէ նաեւ, որ ՀԱՄԱՍ-ն իր հերթին կը պատրաստուի նոյեմբեր 25-ին ազատ արձակել 14 իսրայէլացի պատանդ։