image

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը կը գտնուի Պաքու. Ի՞նչ է օրակարգը

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը  կը  գտնուի Պաքու. Ի՞նչ է օրակարգը

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Հանցն աւարտած է պաշտօնական այցը Ատրպէյճան, ուր ան հանդիպած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ երկու երկիրներու միջեւ պաշտպանական համագործակցութիւնն ամրապնդելու համար, գրած է Jerusalem Post-ը։

Իսրայէլի նախարարի գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն՝ այցը «նուիրուած եղած է անվտանգութեան եւ քաղաքականութեան հարցերուն»։ Այցի ընթացքին Հանց հանդիպած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարի, պետական սահմանային ծառայութեան պետի հետ եւ այցելած է պետական սահմանային ծառայութեան կեդրոնակայան։ Անոր ուղեկցած են պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր տնօրէն զօրավար-մայոր Ամիր Էշելը, քաղաքականության բյուրոյի տնօրեն Դրոր Շալոմը եւ ռազմական քարտուղար, բրիգադային գեներալ Յակի Դոլֆը։

Ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ հանդիպման ժամանակ Հանցն «ընդգծած է Իսրայէլի պետութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւններու պահպանման եւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակելու կարեւորութիւնը»:

Պաշտօնեաները քննարկած են նաեւ Աբրահամեան համաձայնագրերու ստորագրումէն ետք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները եւ Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանի ու աշխարհի այլ երկիրներու հետ Իսրայէլի կապերու զարգացումը։

Ինչպէս նշած է Jpost-ը, Ատրպէյճանը սահման ունի Իրանի հետ, «որ, ըստ արտասահմանեան հաղորդագրութիւններու, Իսրայէլին թոյլ կու տայ լրտեսական գործողութիւններ եւ շատ այլ բաներ իրականացնել»։

Պաքուն նաեւ եղած է Իսրայէլի հում նաւթի հիմնական մատակարարը, իսկ վերջին տարիներուն դարձած է իսրայէլեան ռազմական տեխնիկայի խոշոր ներկրող: Սթոքհոլմի Խաղաղութեան միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկի 2020 թուականի զեկոյցին մէջ ըսուաղ է, որ Պաքուն Հնդկաստանէն ետք իսրայէլեան սպառազինութեան համակարգերու երկրորդ խոշոր գնորդն է:

Հանցի այցը տեղի ունեցած է քանի մը օր անց այն բանէն, երբ յայտնուած են տեսանիւթեր, ուր ատրպէյճանցի զինուորները մահապատժի կ'ենթարկեն վեց հայ ռազմագերիները, որոնք գերեվարուած էին սեպտեմբերին վերջին մարտերու ժամանակ: Տեսանիւթը յայտնուած է ատրպէյճանցի զինուորականներու կողմէ հայ զինուորի բռնաբարութեան, սպանութեան եւ խոշտանգումներու մասին այլ հաղորդումներէ քանի մը շաբաթ անց: