image

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կը հետաքննէ երկրի կեդրոնական հատուածներու մէջ պայթումներու մասին հաղորդագրութիւնները

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կը հետաքննէ երկրի կեդրոնական հատուածներու մէջ պայթումներու մասին հաղորդագրութիւնները

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ կը հետաքննէ գիշերը Իսրայէլի կեդրոնական հատուածներուն մէջ հնչած պայթումներու մասին հաղորդագրութիւնները:

Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին գրած է Jerusalem Post-ը։

Հրատարակութեան տուեալներով՝ վերջին շաբթուան ընթացքին քանի մը անգամ պայթումներ լսուած են։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը ենթադրած է, որ այդ ռազմաօդային ուժերու զօրավարժութիւն է, սակայն հետագային հրաժարած է այդ կարծիքէն եւ ըսած, որ չի գիտեր ձայներու աղբիւրը։