Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ հարուածներ հասցուցած է Կազա քաղաքի մէջ պաղեստինեան «Համաս» շարժման երկու ռազմական շէնքերու, որոնք կ'օգտագործուէին զէնքի արտադրութեան համար: Այդ մասին յայտնած է ՌԻԱ Նովոսթի:
Հաղորդուած է, որ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը՝ Իսրայէլի հետախուզութեան եւ Իսրայէլի Անվտանգութեան վարչութեան ղեկավարութեամբ, ճշգրիտ հարուած հասցուցած են «Համաս»-ի երկու ռազմական շէնքերուն, որոնք կը գործէին Ալ Ֆուրքան շրջանին մէջ։
Տեղեկատուութեան համաձայն, «Համաս»-ի կողմէն օգտագործուող կառոյցները գտնուած են շինութեան մը կողքին, որ նախապէս ծառայած է որպէս դպրոց եւ ներկայիս կը ծառայէ որպէս ապաստարան։