Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկ յայտարարած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հոկտեմբեր 7-ին ՀԱՄԱՍ խմբաւորման կազմակերպած յարձակման մասնակցած զինեալներէն մէկու մարմնի վրայ յայտնաբերած է USB բանալի՝ քիմիական զէնք, մասնաւորապէս՝ «սիանիտի ցրման սարք» ստեղծելու ցուցումներ:
«Ահա թէ որքան շոքային է իրավիճակը, որուն մէջ մենք կը տեսնենք ցուցումներ՝ տրուած այն մասին, թէ ինչպէս գործել եւ ինչպէս ստեղծել ոչ մասնագիտական քիմիական զէնք սիանիտով», -ըսած է Հերցոկը Sky News-ին:
Sky News-ի հետ զրոյցին Հերցոկը ցոյց տուած է թուային ֆայլերու տպագրութիւնները, որոնք, ըստ անոր, Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը վերցուցած է USB բանալիէն: Անոր պնդմամբ՝ այդ ցուցումները «Ալ Քաիտա» ահաբեկչական խմբաւորման ձեռնարկի մասն են:
ՀԱՄԱՍ-ի խօսնակը չէ պատասխանած մեկնաբանութեան խնդրանքին:
Նշուած է, որ Sky News-ը չի կրնար ստուգել Իսրայէլի նախագահի պնդումները: