Հազարաւոր իսրայէլցի ցուցարարներ երեքշաբթի՝ 11 յուլիսիսն, դուրս եկած են փողոցներ ու փակած դէպի Երուսաղէմ, Հայֆա եւ Թէլ Աւիւ տանող մայրուղիները՝ իերնց բողոքը արտայայտելով ընդդէմ կառավարութեան ծրագրած դատական փոփոխութիւններու, որ պառակտած է երկիրը: Այս մասին գրած է AP-ն։
Ցոյցերը սկսած են առաւօտեան, երբ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի խորհրդարանական դաշինքը նախնական հաւանութիւն տուած է Գերագոյն դատարանի վերահսկողութեան լիազօրութիւնները սահմանափակող օրինագծին՝ առաջ մղելով դատական համակարգին մէջ առաջարկուող վիճելի փոփոխութիւնները՝ հակառակ համատարած ընդդիմութեան:
Օրէնսդրութիւնը Նեթանիահուի ծայրայեղ ազգայնական եւ ծայրայեղ ուղղափառ դաշնակիցներու կողմէ առաջարկուած քանի մը օրինագիծերէն մէկն է: Ծրագիրն ամիսներ շարունակ բողոքի ցոյցեր առաջացուցած է հակառակորդներու կողմէ, որոնք ըսած են, որ այն երկիրը կը մղէ միապետական կառավարման:
Երեքշաբթի օր ռազմական «սայպըր» ստորաբաժանման 300 պահեստազօրայիններ ստորագրած են նամակ, որու համաձայն՝ կամաւոր պիտի չծառայեն՝ բացատրելով, որ կառավարութիւնը ցոյց տուած է, որ «վճռական է ոչնչացնելու Իսրայէլ պետութիւնը»:
«Չարութեան համար օգտագործելու ներուժ ունեցող զգայուն «սայպըր» կարողութիւնները պէտք չէ տրուին յանցագործ կառավարութեան, որ կը խարխլէ ժողովրդավարութեան հիմքերը», -ըսուած է նամակին մէջ:
Ոստիկանութիւնը ջրցան մեքենաներ կիրառած է ցուցարարները հեռացնելու համար, որոնք փակած են Երուսաղէմ տանող հիմնական ճանապարհը:
Անոնք ձերբակալած են եւս մի քանին, որոնք խոչընդոտած էին կեդրոնական Մոտիին քաղաքի հարեւանութեամբ մայրուղիի գործունէութիւնը: Ցուցարարները փակած են Հայֆայի գլխաւոր մայրուղին «Միասին մենք յաղթող պիտի ըլլանք» գրութեամբ մեծ պաստառով:
Ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ բողոքի ցոյցերու ընթացքին հասարակական անկարգութիւններու համար ձերբակալուած է 42 մարդ: