Իսրայէլի Քնեսեթը (խորհրդարանը) ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ կողմ քուէարկած է Պաղեստին պետութեան ստեղծումը մերժող բանաձեւին՝ հաղորդած է The Times of Israel-ը:
Կը հաղորդուի, որ փաստաթուղթին կողմ քուէարկած է՝ 68, դէմ՝ 9 մարդ։ Բանաձեւն ամբողջովին կը մերժէ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը՝ նոյնիսկ Իսրայէլի հետ բանակցութիւններու միջոցով իրավիճակի կարգաւորման շրջածիրէն ներս:
«Իսրայէլի Քնեսեթը վճռականօրէն դէմ է Յորդանանէն արեւմուտք պաղեստինեան պետութեան ստեղծման։ Իսրայէլի սրտին մէջ այդ պետութեան ստեղծումը սպառնալիք պիտի ըլլայ Իսրայէլ պետութեան եւ անոր քաղաքացիներու գոյութեան համար, պիտի յաւերժացնէ իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութիւնը եւ պիտի ապակայունացնէ տարածաշրջանը»,-ըսուած է բանաձեւին մէջ:
Փաստաթուղթն ընդունած են վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի դաշինքը, այն ստացած է կեդրոնամէտ «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ աջակողմեան ընդդիմադիր ուժերու աջակցութիւնը։
Ձախ կեդրոնամէտ «Yesh Atid» կուսակցութեան պատգամաւորները լքած են նիստերու դահլիճը: Կուսակցութեան նախագահ Եաիր Լափիտը հանդէս կու գայ «երկու պետութեան» բանաձեւի օգտին:
Պարբերականը յիշեցուցած է, որ բանաձեւն ընդունուած է Նաթանիահուի Միացեալ Նահանգներ այցէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ, ուր ան ելոյթ պիտի ունենայ Քոնկրեսի համատեղ նիստին եւ Սպիտակ տան մէջ պիտի հանդիպի նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։