image

Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հրադադար հաստատուեցաւ. Կազայի մէջ զոհերու թիւը հասած է 36-ի

Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հրադադար հաստատուեցաւ. Կազայի մէջ զոհերու թիւը հասած է 36-ի

Օգոստոս եօթին Կազայի մէջ տեղական ժամով ժամը 20:00-ին Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հրադադար հաստատուած է: Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլեան բանակը գործողութիւնները սկսած էր՝ 5 օգոստոսին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Reuters»-ը՝ վկայակոչելով պաղեստինցի պաշտօնեան:

Աղբիւրը կը նշէ, որ հրադադարի շուրջ բանակցութիւնները եղած են Եգիպտոսի միջնորդութեամբ:

Նշենք, որ ուրբաթ օր իսրայէլեան բանակը սկսած է «Արշալոյս» գործողութիւնը՝ Կազայի մէջ «Իսլամական ճիհատ» խմբաւորման դէմ։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի հարուածածներուն հետեւանքով զոհուածներու թիւնը հասած է 36-ի, որոնցմէ 15-ը երեխայ եւ 4-ը՝ կին , վիրաւորուած է 311 խաղաղ բնակիչ։

Հաղորդուած է նաեւ «Իսլամական ճիհատի» բարձրաստիճան հրամանատարներ Թայսիր ալ-Ճապարիի եւ Խալետ Մանսուրի մահուան մասին։

Գործողութեան սկիզբէն ի վեր Կազայի հատուածէն Իսրայէլի ուղղութեամբ արձակուած է 580 հրթիռ, ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած  է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի ներկայացուցիչը։

«Հաւանաբար, անոնք աւելի շատ կ'ըլլան: Անոնցմէ 450-ը հարուածած են Իսրայէլի տարածքը, 20 տոկոսը անյաջող արձակումներ եղած են», - ըսած է ան:

Կը նշուի, որ  հակաօդային պաշտպանութեան «Երկաթեայ գմբեթ» համակարգը որսացած է այդ հրթիռներու մօտաւորապէս 97 տոկոսը։