Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը մէկ օրուան ընթացքին Կազայի գօտիին մէջ աւելի քան 140 թիրախ հարուածած է, ներառեալ՝ ռազմական կառոյցներ ու հրթիռային կայանքներ։ Այս մասին հաղորդած է բանակի մամուլի ծառայութիւնը։
«Վերջին օրուան ընթացքին Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը Կազայի գօտիին մէջ աւելի քան 140 ահաբեկչական կառոյցներ խոցած են։ Խոցուած են ահաբեկիչներ, ռազմական կառոյցներ, հրթիռային կայանքներ, որոնք վտանգ կը ներկայացնէին (իսրայէլեան - խմբ.) զօրքերուն համար, զինամթերքի պահեստներ եւ ահաբեկչական այլ ենթակառուցուածքներ», — նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Մարտ 18-ի գիշերը Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը վերսկսած է հարուածները Կազայի գօտիի ուղղութեամբ։ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու յայտարարած է, որ յարձակումները պիտի շարունակուին, քանի որ «Համաս» մերժած է ընդունիլ հրադադարի երկարաձգման եւ պատանդներու ազատման ամերիկեան ծրագիրը։
Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ պաշտօնապէս զինադադարը աւարտած է մարտ 1-ին, սակայն ռազմական գործողութիւնները չեն վերսկսած՝ Կազայի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն կողմերը ներգրաւելու միջնորդական փորձերուն շնորհիւ։