Իսրայէլեան օդուժը որսացած է երեք հրթիռ, որոնք կը թռէին Լիբանանէն։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտնած է Իսրայէլի պաշտպանության բանակը։
Օդային ռմբակոծութեան վերաբերեալ տագնապի ազդանշանները հնչած են մասնաւորապէս Մեթուլա քաղաքին մէջ՝ Լիբանանի հետ սահմանի մօտ:
«Մեթուլայի մէջ տագնապի ազդանշանները հնչելէ ետք Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը որսացած են երեք հրթիռ, որոնք Իսրայէլի տարածք ուղարկուած էին Լիբանանէն»,-ըսուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի յայտարարութեան մէջ: