Իսրայէլեան բանակը դեկտեմբեր 13-ին սկսած է ծովու ջուրը մղել Կազայի հատուածին մէջ գտնուող ՀԱՄԱՍ-ի հսկայական փապուղային համալիր: Այդ մասին յայտնած է The Wall Street Journal պարբերականը՝ վկայակոչելով գործողութիւններու մասին տեղեկացուած ամերիկացի պաշտօնեաները։
Այդ ՀԱՄԱՍ-ի ստորգետնեայ ենթակառուցուածքները ոչնչացնելու մեթոտներէն մէկն է։ Ըստ The Wall Street Journal պարբերականի աղբիւրներու՝ գործողութիւնը պիտի տեւէ քանի մը ամիս։
Կազայի հատուածի տակ գտնուող փապուղիներու երկարութեան եւ գտնուելու մասին պաշտօնական ստոյգ տուեալներ չկան։ Կ՚ենթադրուի, որ ցանցը բաղկացած է մօտաւորապէս 1300 փապուղիէ՝ 400-500 քիլոմեթր ընդհանուր երկարութեամբ (համեմատելի է Մոսկուայի մեթրոյի երկարութեան հետ, որ ունի 460 քիլոմեթր):
Փապուղիներու լայնութիւնը եւ բարձրութիւնը երկու մեթրէն ոչ աւելի են: Ըստ The Washington Post-ի՝ փապուղիները կը բաժանուին քանի մը տեսակի՝ կախուած կիրառութենէն։ Կան տնտեսական փապուղիներ, որոնցով մաքսանենգ ապրանքները կը բերուին Կազայի հատուած։ Կան նաեւ փապուղիներ ՀԱՄԱՍ-ի բարձրագոյն ղեկավարութեան համար, եւ փապուղիներ, որոնցմով ՀԱՄԱՍ-ը ներխուժած է Իսրայէլ՝ անսպասելի յարձակում գործելու նպատակով: