image

Իսրայէլ պիտի զօրացնէ ապահովական միջոցառումները իր դիւանագիտական կառոյցներուն շուրջ

Իսրայէլ պիտի զօրացնէ ապահովական միջոցառումները իր դիւանագիտական կառոյցներուն շուրջ

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կարգադրած է ամբողջ աշխարհի մէջ զօրացնել Իսրայէլի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու մէջ եւ պետական ​​ծառայողներու համար անվտանգութեան միջոցառումները՝ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան երկու աշխատակիցներու սպանութենէն ետք:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այդ մասին ան յայտարարած է X-ի իր էջով։

«Մենք ականատես կ՚ըլլաենք հակասեմականութեան սարսափելի գինին…. Իմ սիրտը կը ցաւի այն երիտասարդ տղամարդու եւ կնոջ ընտանիքներու համար, որոնց կեանքն ընդհատուեցաւ նողկալի հակասեմական ահաբեկիչի կողմէ։ Ես անվտանգութեան գործակալութիւններուն կարգադրած եմ զօրացնել անվտանգութեան միջոցառումներն ամբողջ աշխարհի մէջ Իսրայէլի ներկայացուցչութիւններուն մէջ եւ պետական ներկայացուցիչներու համար», -յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետը։

Ուաշինկթընի Հրէական թանգարանին մէջ տեղի ունեցած միջոցառումէն ետք մայիսի 21-ի ուշ երեկոյեան շէնքէն դուրս գալու ժամանակ սպանուած են Իսրայէլի դեսպանատան երկու աշխատակից։ Կասկածեալը ձերբակալուած է։