Կը նշուի նաեւ մինչեւ այս պահը 30 թիրախային հարուածներ եղած են։
Նախնական տուեալներով թիրախ դարձած է Թեհրանի միջազգային օդակայանը (մանրամասն աւելի ուշ) Իրանի Գաղտնի Սպասարկութեան կեդրոնը եւ հարուածներ եղած են Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդին բնակարանին շրջանը (աւելի յստակ տուեալներ կը պակսին)։
Շուրջ ժամէ մը ի վեր Իսրայէլ ռազմական հարուածներ կը հասցընէ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանին։
Մինչ Իսրայէլի մէջ արտակարգ դրութիւն հաստատուած է, անդին Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տարաբնոյթ հարուածի պայթումներ կը լսուին։
Իրանեան ԶԼՄ-ներ կը վկայագրեն այդ հարուածները նշելով, որ կառավարական կեդրոններ կը գտնուին Իսրայէլի թիրախ դարձուցած կէտերուն մէջ։
Կը նշուի նաեւ մինչեւ այս պահը 30 թիրախային հարուածներ եղած են։
Նախնական տուեալներով թիրախ դարձած է Թեհրանի միջազգային օդակայանը (մանրամասն աւելի ուշ) Իրանի Գաղտնի Սպասարկութեան կեդրոնը եւ հարուածներ եղած են Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդին բնակարանին շրջանը (աւելի յստակ տուեալներ կը պակսին)։
Նշենք նաեւ, որ գործողութիւնը միասնական գործողութիւն է ՝ այսինքն՝ Իսրայէլ-Ամերիկեան գործողութիւն է, բայց մինչեւ այս պահը հիմնական կրակ բացողը Իսրայէլն է։