Իսրայէլ հարուածած է Կազայի հարաւը գտնուող Նասերի հիւանդանոցը, որու հետեւանքով զոհուած է առնուազն 15 մարդ։ Զոհերու շարքին կայ երեք լրագրող։
Ըստ Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութեան՝ յարձակումը տեղի ունեցած է հիւանդանոցի չորրորդ յարկին վրայ եւ իրականացուած է «կրկնակի հարուածի» մարտավարութեամբ։ Առաջին հրթիռի հարուածէն վայրկեաններ անց, երբ դէպքի վայր ժամանած են փրկարարները, երկրորդ հրթիռը հարուածած է։
Հաղորդուած է, որ զոհուած լրագրողներէն մէկը՝ նկարահանող Հուսամ ալ-Մասրին, պայմանագրային հիմունքներով աշխատած է Reuters լրատուական գործակալութեան հետ։ Նոյն գործակալութեան հետ համագործակցող մէկ այլ լրագրող՝ լուսանկարիչ Հաթեմ Խալետը, վիրաւորուած է։
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը եւ վարչապետի գրասենեակը դեռ որեւէ մեկնաբանութիւն չեն տուած տեղի ունեցածի վերաբերեալ։
Նշուած է, որ Կազայի հատուածին մէջ հիւանդանոցներու վրայ իսրայէլեան հարուածներն ու ռազմական գործողութիւնները եզակի դէպքեր չեն։ Իսրայէլեան կողմը նախապէս նման գործողութիւնները հիմնաւորած է՝ պնդելով, որ բժշկական հաստատութիւններու մէջ կը թաքնուին զինեալներ, սակայն, ինչպէս նշուած է, այդ պնդումներու համար ապացոյցներ չէ ներկայացուցած։