image

Իսրայէլ հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւային շրջաններուն

Իսրայէլ հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւային շրջաններուն

Իսրայէլեան ուժերը Լիբանանի Նապաթիէ նահանգի Ատաիսսա գիւղին մէջ պայթեցուցած են գլխաւոր ճանապարհի վրայ գտնուող տուն մը։ Բացի այդ իսրայէլեան ուժերն օդային հարուածներով թիրախաւորած են նահանգի Ազզա եւ Ռումին Արքի գիւղերու միջեւ ինկած տարածքները, Ճպաա գիւղի ծայրամասային հատուածները եւ Ճապալ Սաֆի բարձունքները։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութիւնը։

Իսրայէլեան ուժերու թիրախ յայտնուած են նաեւ Լիբանանի հարաւային Իքլիմ ալ-Թուֆֆահ եւ Սաֆի շրջանները։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը թելեկրամեան իր ալիքով յայտնած է, որ հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւային քանի մը շրջաններու մէջ «Հըզպալլա» կազմակերպութեան պատկանող ենթակառուցուածքներուն։

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ բանակը հարուածած է «Հըզպալլա»ի վարժանքներու եւ դասընթացներու կայացման վայրը, ինչպէս նաեւ անոր պատկանող ռազմական կառոյցները եւ մեկնարկային կայանը։

«Թիրախները, որոնց հարուածներ հասցուած է, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի Պետութեան դէմ յարձակումներու նախապատրաստման համար ռազմական վարժանքներն Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ կնքուած համաձայնագրերու խախտում եւ սպառնալիք են Իսրայէլի Պետութեան համար»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։