Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէս գիշերին հարուածած է Սուրիոյ Հոմս քաղաքի արուարձանները։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Մարսատ» կայքը նշելով, որ հարուածները եղած են Հոմսի արեւմտեան շրջաններուն ուղղութեամբ։
Կը նշուի նաեւ, որ հարուածները թիրախ դարձուցած են լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան զինուորական պահեստանոցները մասնաւորապէս «Ալ Տապհա» զօրակայանին, ինչպէս նաեւ «Ալ Քուսայր» աւանին մէջ։
Նոյն աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ հրթիռակոծումներուն հետեւանքով գրանցուած են մարդկային կորուստներ։