image

Իսրայէլ համաձայնած է Կազայի մէջ զինադադարի պայմաններուն․ Թրամփ

Իսրայէլ համաձայնած է Կազայի մէջ զինադադարի պայմաններուն․ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իսրայէլը համաձայնած է Կազայի հատուածին մէջ 60-օրեայ հրադադարի։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ան գրած է Truth Social հարթակին վրայ։

Առաջարկուած համաձայնութեան ընթացքին, ըստ Թրամփի, աշխատանք պիտի տարուի բոլոր կողմերու հետ՝ պատերազմը դադրեցնելու ուղղութեամբ։

«Քաթարցիները, եգիպտացիները, որոնք այդքան ջանադրաբար աշխատած են խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ, պիտի ներկայացնեն վերջնական առաջարկը։ Յոյսով եմ՝ յանուն Մերձաւոր Արեւելքի բարեկեցութեան՝ «Համաս»-ը կ՚ընդունի գործարքը, այլապէս ոչինչ պիտի լաւանայ, ամէն ինչ միայն աւելի պիտի վատթարանայ», - գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը։

BBC-ն հաղորդած է, որ ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Տենի Տանոնը յայտարարած է, որ Իսրայէլ պատրաստ է հրադադարի, սակայն առայժմ պարզ չէ՝ արդեօք «Համաս»-ը պիտի ընդունի առաջարկուած համաձայնագրի պայմանները։

Տանըլտ Թրամփ յաջորդ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ պիտի ընդունի Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։ Թրամփ յայտարարած է, որ Նաթանիահուն, իր կարծիքով, կ՚ուզէ վերջ դնել Կազայի մէջ պատերազմին։