image

Իսլամ ծայրայեղական բանտարկեալներ հացադուլի դիմած են Պաքուի մէջ

Իսլամ  ծայրայեղական բանտարկեալներ  հացադուլի դիմած են Պաքուի մէջ

Իսլամական միասնութեան շարժման երկարաժամկէտ բանտարկութեան դատապարտուած առաջնորդ Թալէհ Պաքիրզատէի հացադուլին միացած են շարք մը այլ հաւատացեալներ։ Անոնք կը բողոքեն ոստիկանական հաստատութեան մէջ ուժայիններու կողմէ խոշտանգումներու եւ աստուածանարգութեան դէմ։ 

«Փոլատ Ասլանովի կնոջ փոխացմամբ՝ անոր ամուսինը յայտնած է, որ Յունիս 6-էն հացադուլ սկսած է եւ այդ մասին պաշտօնապէս տեղեկացուցած է թիւ 1 գաղութի ղեկավարութեան։ Նոյն հիմնարկին մէջ Շարժման մէկ այլ անդամ՝ Ճապպար Ճապարովը, եւս հացադուլ յայտարարած է:

Կոպուսթանի բանտին մէջ հացադուլ սկսած է Շարժման մէկ այլ աքթիվիսթ Ապպաս Հուսէյնովը, յայտնած են անոր հարազատները։

Ինքը՝ Պաքիրզատէն, արդէն հինգերորդ օրն է հացադուլ կ'ընէ։ «Երէկ ես եւ Թալէհը խօսեցանք հեռախօսով. հինգերորդ օրն է հացադուլի մէջ է։ Միայն ջուր կը խմէ, կ'ըսէ որ իրեն դեռ լաւ կը զգայ, բայց ձայնին մէջ լարուածութիւն կար: Գաղութի տնօրինութիւնը յամառօրէն կը պահանջէ դադարեցնել զայն, սակայն Թալէհը կը մերժէ: Չնայած հացադուլին՝ ան չէ մեկուսացուած, կը շարունակէ մնալ սովորական խուցին մէջ», պատմած է անոր կինը։