image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան փակած է իր երկինքն իսրայէլեան օդանաւերու համար եւ Նաթանիահուի՝ Ատրպէյճան այցի համար օդային տարածքը բանալու մասին խօսք չկայ․ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն

Թուրքիան փակած է իր երկինքն իսրայէլեան օդանաւերու համար եւ Նաթանիահուի՝ Ատրպէյճան այցի համար օդային տարածքը բանալու մասին խօսք չկայ․ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն

Թուրքիան փակած է իր երկինքը իսրայէլեան օդանաւերուն համար, եւ Բենիամին Նաթանիահուի՝ Ատրպէյճան այցի համար օդային տարածքը բանալու մասին խօսք չկայ։ Այս մասին նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Օնճու Քեչելին՝ հերքելով այն պնդումները, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի օդանաւին թոյլատրուած է թռիչք կատարել Թուրքիոյ տարածքով։

«Այն պնդումները, որ Իսրայէլի վարչապետի օդանաւի թռիչքին թոյլտուութիւն տրուած է, բացարձակապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Մենք այս ուղղութեամբ որեւէ հարցում չենք ստացած», - նշած է ան։