Գերմանիա-Սուրիայէն նոր վերադարձած գերմանացի պատերազմող մը, որ ISIS-ի շարքերուն մէ պատերազմած է, յայտնած է, թէ «ISIS-ը ո՛չ մէկ առնչութիւն ունի իսլամութեան հետ», եւ թէ «Գերմանիոյ բանտերը աւելի լաւ են, քան՝ Սուրիոյ մէջ ազատութիւնը»: Պատերազմողը ներկայիս ձերբակալուած է եւ յառաջիկայ Օգոստոսին պիտի դատուի, որպէս ահաբեկչական խմբաւորման անդամ դարձած մէկը: Նշենք, որ ըստ գերմանական լրատուական միջոցներու, մինչեւ հիմա մօտաւորապէս 260 գերմանացիներ վերադարձած են Գերմանիա, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ISIS-ի շարքերուն մէջ պատերազմելէ ետք: Գերմանական կառավարութիւնը կը հետեւի անոնց ու անոնցմէ ոմանք ալ ձերբակալած է: