Տաճիկիստանի քաղաքացին, որ օրերս յարձակում գործած էր Իրանի հարաւ-արեւմտեան Շիրազ քաղաքի Շահ Չերաղի դամբարանին վրայ, երեք ամիս պատրաստութիւն անցած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման ճամբարը։
Այս մասին հաղորդած է Tasnim գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով աղբիւրներ։
Անոնց տուեալներու համաձայն՝ Ռահմաթուլլա Նուրուզով ահաբեկիչներու կողմէ հաւաքագրուած է առցանց նամակագրութեան միջոցով, որմէ յետոյ ան մեկնած է Թուրքիա, ուր պաշտօնապէս ընդունուած արգիլուած խմբաւորման շարքերը։ Անկէ յետոյ Նուրուզով ուղարկած են Աֆղանիստան, ուր ան երեք ամիս պատրաստութիւն անցած է «Իսլամական պետութիւն» ծայրայեղականներուն համար յատուկ ճամբարը։ Աւարտելով ուսուցումը՝ ան ներթափանցած է Իրանի տարածք, ուր ահաբեկչական գործողութիւն կատարած է Շահ Չերաղի դամբարանին մէջ։
Tasnim նշած է, որ իրաւապահները ձերբակալած են 10 մարդ, որոնք կապ ունին Շիրազի մէջ տեղի ունեցած յարձակման հետ։ Իրանի յատուկ ծառայութիւններն, ըստ հրապարակման, կը նախատեսեն ծանր հարուած հասցնել այն ցանցին, որ, հնարաւոր է, Իրանի ներսը աջակցած է ահաբեկիչին։
Յիշեցնենք, որ 13 օգոստոսին, ահաբեկչութիւն տեղի ունեցած է Ֆարսի նահանգի Շիրազ քաղաքի Շահ Չերաղ դամբարանին մէջ։ Ահաբեկչութեան հետեւանքով 1 մարդ մահացած է, 8-ը՝ վիրաւորուած։