image

Իշխող «ՔՊ»ի վարկանիշը անօրինակ անկում արձանագրած է

Իշխող «ՔՊ»ի վարկանիշը անօրինակ  անկում  արձանագրած է

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարկանիշը մրցանշային ցած ցուցանիշ արձանագրած է։ Այս մասին ասուլիսին յայտարարած է «GALLUP International Association»-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Արամ Նաւասարդեանը՝ ներկայացնելով յունուար 20-22-ին իրականացուած հարցման արդիւնքները, որուն մասնակցած է 1100 ՀՀ քաղաքացի։

Եթէ առաջիկայ կիրակի օրը կայանան խորհրդարանական ընտրութիւններ, ո՞ր կուսակցութեան կամ դաշինքի օգտին կը քուէարկէք․ այս հարցին պատասխանած քաղաքացիներէն միայն 11,3 տոկոսը նշած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը։ Ըստ Նաւասարդեանի՝ սա 2018 թուականէն ի վեր կայացող հարցումներու ընթացքին գրանցուած մրցանշային նուազագոյն ցուցանիշն է։ Ան շեշտած է՝ հարցախոյզը եղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին աղմկայարոյց յայտարարութիւններէն առաջ, ուստի կը կարծէ՝ եթէ այսօր տրուէին հարցումները, այս ցուցանիշն աւելի ցած պիտի ըլլար։

Վարկանշային ցուցակի երկրորդ տեղը «ԴՕԿ» կուսակցութիւնն է՝ 6,8 տոկոս ցուցանիշով, իսկ երրորդը՝ «Հայաստան» դաշինքը՝ 6,5 տոկոս։

Արդեօք ՀՀ իշխանութիւնները բաւարար ջանքեր կը գործադրեն Պաքուի մէջ գտնուող հայ գերիները, Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարութիւնը վերադարձնելու համար։ Հարցուածներու միայն 5,6 տոկոսը կը կարծէ՝ այո, 11,9 տոկոսը՝ աւելի շատ այո, գերակշիռ մեծամասնութիւնը կը կարծէ, որ իշխանութիւնները բաւարար քայլեր չեն ըներ այս ուղղութեամբ՝ աւելի շատ ոչ պատասխանած է 17,9 տոկոսը, 39 տոկոսը՝ միանշանակ ոչ։

ՀՀ քաղաքացիներու մեծ մասը կը կարծէ, որ այսօր Հայաստանը կը շարժի սխալ ուղղութեամբ։ Հարցուածներու 38,8 տոկոսը նշած է, որ կը կարծէ՝ Հայաստանը կը շարժի սխալ ուղղութեամբ, 19,7 տոկոսը՝ աւելի շուտ սխալ ուղղութեամբ։ Միայն 9,5 տոկոսը կը կարծէ, որ Հայաստանն այսօր ճիշդ ուղղութեամբ կը շարժի, իսկ 14,7 տոկոսը աւելի շատ ճիշդ ուղղութեամբ պատասխանը ընտրած է։

Հարցուածներու մեծ մասը՝ գրեթէ 40 տոկոսը, նշած է, որ Հայաստանի առջեւ ծառացած մեծագոյն խնդիրն անվտանգութեան հետ կապուած է։

Հարցերէն մէկը վերաբերած է համընդհանուր յայտարարագրման։ Քաղաքացիներու գերակշիռ մասը նշած է, որ չի պատրաստուիր ներկայացնել յայտարարագիր, միայն 9,8 տոկոսն ըսած է, որ լիովին տեղեակ է, թէ ինչպէս ներկայացնել յայտարարագիր, ճնշող մեծամասնութիւնը տեղեակ չէ։