image

Իշխան Սաղաթէլեանի այցելութիւնը՝ Արցախ

Իշխան Սաղաթէլեանի այցելութիւնը՝ Արցախ

Արցախ կատարած այցի շրջանակներուն մէջ Նոյեմբեր 10-ին ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպած է Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեանի եւ ԱՀ ԱԺ խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Արթուր Թովմասեան ողջունած է Իշխան Սաղաթէլեանը հայրենիքի մէջ գտնուելու առիթով եւ խօսած է երկու եղբայրական խորհրդարաններու փոխգործակցութեան ընդլայնման ուղղուած հարցերու շուրջ: ԱԺ նախագահը ներկայացուցած է 2020 թուականի աւերիչ պատերազմին հետեւանքները, անդրադարձած՝ գերխնդիրներու շուրջ ՀՀ եւ ԱՀ խորհրդարաններու միասնական տեսակէտով միջազգային տարբեր կառոյցներու մէջ ներկայանալուն:

Իշխան Սաղաթէլեան ընդգծած է միջխորհրդարանական գործունէութեան կարեւորութիւնը՝ մասնաւորապէս Հայաստան-Արցախ միջխորհրդարանական յանձնաժողովներու աշխատանքը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են խորհրդարանական դիւանագիտութեան վերաբերող հարցեր:

ԱԺ փոխնախագահը Արցախի մէջ հանդիպած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Պալասանեանի հետ։

Քննարկուած են Արցախի անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցեր։ Անդրադարձ կատարուած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացուող շարունակական ոտնձգութիւններուն:

 Քննարկուած են նաեւ յառաջիկայ ընելիքներն ու ծրագրերը, փոխգործակցութեան առնչուող շարք մը այլ հարցեր: