image

Իրաքի նախագահը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ

Իրաքի նախագահը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ

Իրաքի նախագահ Ապտուլ Լաթիֆ Ռաշիտն այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Իրաքի նախագահը ծաղկեպսակ դրած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի մօտ, ծաղիկներ խոնարհած է անմար կրակի մօտ։

Իրաքի նախագահը Հայաստան ժամանած է նոյեմբեր 21-ին։ Երեւանի մէջ ան հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ։