Հիւսիսային Իրաքի մէջ սպանուած է 5 թուրք զինուոր, եւս 8 զինծառայող վիրաւորուած է, որոնցմէ երեքի վիճակը ծանր է։
Այս մասին ըսուած է Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
Թրքական կողմը նշած է, որ ռազմական գործողութեան ընթացքին 12 քիւրտ զինուոր սպանած են։
Կը հաղորդուի, որ գործողութիւնը տարածաշրջանին մէջ կը շարունակուի։