image

Իրանը կրկին փակած է Հորմուզի նեղուցը

Իրանը կրկին փակած է Հորմուզի նեղուցը

Իրան կրկին դադրեցուցած է Հորմուզի նեղուցով նաւագնացութիւնը՝ այդ կերպ պատասխանելով Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շարունակական յարձակումներուն եւ իրան-ամերիկեան փոխըմբռնման յուշագիրով սահմանուած համընդհանուր հրադադարի վերաբերեալ դրոյթի խախտման՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ։

Լրատուամիջոցի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Իրանի զինուած ուժերու կեդրոնական շտապի ռազմական հրամանատարութիւնը։

«Նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու կողմէ իր ստանձնած պարտաւորութիւններու կոպիտ խախտումը եւ պատերազմը դադրեցնելու վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագրի առաջին կէտը չկատարելը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հարաւին մէջ Իսրայէլի կողմէ հրադադարի շարունակական խախտումները՝ Հորմուզի նեղուցը կը յայտարարուի փակ», նշուած է յայտարարութեան մէջ, որուն բնագիրը ներկայացուցած է Իրանի պետական հեռարձակող IRIB-ը։

Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ Լիբանանի դէմ յարձակողապաշտ գործողութիւններու շարունակութեան պարագային Թեհրան նոր քայլերու պիտի դիմէ՝ ապահովելու համար նշուած պարտաւորութիւններու իրականացումը։